2013-04-22 12:01:43

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ կիրակի, 21 ապրիլի (երէկ) երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 98-րդ տարելիցի յիշատակութեան հսկումը: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ եւ պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հոգեւորականներ: Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց ՀԿՀՄ-էն Լիւսի Տէօքմեճեան: Երիտասարդի կամքով խօսեցաւ ան եւ ըսաւ. «98 տարիներ եւ 2 քայլ հեռու ենք այդ դժոխային դէպքերու 100-ամեակէն: Ու մենք անընկճելի կամքով կը քալենք հատուցման պահանջատիրութեան ճամբէն` մերժելով թրքական տարաբնոյթ խաբեբայութիւնները եւ դիւանագիտական նենգ նկրտումները»: Արաբերէն բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Քուրումլեան, եւ շեշտեց յատկապէս, թէ հայկական հարցը միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ անիկա համայն մարդկութեան դատն է: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի, շարք մը հայերէն երգեր ներկայացուց եւ վերջաւորութեան քանի մը պարմանուհիներ պարեցին հայկական պար մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը նշուէին 1915-էն սկսեալ Մեծ եղեռնի յիշատակումին հանգրուանները, համընթաց հայկական հարցի պատմական համառօտ ակնարկով` «փոսթ Ճենոսայտ թայմլայն»: Տեսերիզը պատրաստուած էր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին կողմէ:
Օրուան պատգամը արտասանեց հայերէնով՝ Միհրան Նաճարեան։ Ան շեշտեց հայու հաւատարմութիւնը իր արմատներուն, ապա ընդգծեց «հաւատարմութեամբ զօրացած` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը եւ վերջապէս, անտեղիտալի պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մեր անտեսուած բայց անժամանցելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն վերականգնումին»: Իսկ արաբերէնով Խօսք առաւ արհի. Ժորժ եպիսկոպոս Պագունի` Սուր քաղաքի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը, որ առաքելութիւն մը վարած է 2004-ին դէպի Հայաստան` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Իբրեւ եկեղեցի, ըսաւ Պագունի եպիսկոպոսը, մենք նախ մեծ կարեւորութիւն պարտինք տալ այս նահատակութեան եւ հայոց վկայութեան. ան առաջարկեց կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարան մը Լիբանանի մէջ: Էլիզապէթ Խազում (արաբերէն) եւ Սագօ Հալլաճեան (հայերէն) փակման խօսքեր արտասանեցին հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ խօսքին մէջ յիշեց քրիստոնեային հաւատքը եւ մարտիրոսներուն ու նահատակներուն տուած բարի օրինակը: Ան իբրեւ գերագոյն օրինակ բերաւ Մեծ եղեռնի զոհերը, որոնք հաւատարիմ մնացին Աւետարանին եւ թէ «ինչպէ՛ս հիանալի կերպով անոնք իրենց հաւատքը փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ»: Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու «Հայր մեր»-ով փակեց հսկումի պահը եւ օրհնեց մեծաթիւ ժողովուրդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.